2010-08-23 11:58:35

Սրբազան Քահանայապետին Նամակը Կարտինալ Ռէ` Քահանայապետական Յատուկ Նուիրակին Գլխաւորելու Մոնդարելլա Տիրամօր Սրբավայրին Հաստատման 15-րդ Դարադարձի Հանդիսութիւնները։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը նշանակեց Կարտինալ Ռէ` վաստակաւոր կառավարիչը եպիսկոպոսներու ժողովին, որպէս իր յատուկ նուիրակը գլխաւորելու Հռոմի մօտ, Թիվոլի թեմէն Մոնթորելլա Տիրամօր սրբավայրին հաստատման 15-րդ դարադարձի տօնակատարութիւնները, որ տեղի պիտի ունենան յառաջիկայ օգոստոս 29ին։

Նամակին մէջ Սրբազան Հայրը այդ տօնակատարութիւնը կ'անուանէ ''Բարեբաստիկ Յոբելեան'' մը, քանի որ իր քահանայապետութեան առաջին օրերուն ուխտագնացութիւն կատարած էր 29 հոկտեմբեր 2005ին։

Ի պատրաստութիւն այս տօնակատարութեան, սրբավայրը եռօրեայ աղօթք կազմակերպած է Օգոստոս 25-27։ Կիրակի 28 օգոստոսին, կարտինալ Ռէ հանդիսաւոր պատարագ կը մատուցանէ։ Այդ առթիւ կը նախատեսուի օրհնութիւնը Մենթորելլա Տիրամօր սրբանկարին։








All the contents on this site are copyrighted ©.